2011-07-19 12:49:54

Լոնտոն` Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն Յատկացուած Միջազգային Խորհրդաժողով


Ուէսթմինսդերի Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Վինսէնտ Նիքոլզի ու Անկլիգան եկեղեցւոյ Գանթէրպուրի առաջնորդ՝ գերապայծառ Րոման Ուիլլիամի նախաձեռնութեամժ 18 եւ 19 յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ միջազգային խորհրդաժողով մը Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն դիմագրաւելիք ապագայ մարտահրաւէրներու մասին։
Երկուշաբթի 18 յուլիսին խորհրդաժողովի առաջին օրը յատկացուեցաւ Սւրբ Երկրի Քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին որուն մասին ելոյթ ունեցան Ուիլլեամզ եւ Նիքոլզ արքեպիսկոպոսները ` Սուրբ Երկրի Լատին եկեղեցւոյ Առաջնորդ ֆուատ Թուալ Պատրիարքը ու Սուրբ Երկրի Անկլիքան եկեղեցւոյ Եպիսկոպոս գերապաայծառ Սւհէյլ Տաուանի։ Ապա ելոյթ ունեցան սուրբ երկրէն ու արաբական շրջանէն իսլամ` հրեայ եւ քրիստոնեայ անձնաւորութիւններ` որոնք խօսեացն անձնական վկայութիւններու մասին։ Երեքշաբթի օրուայ նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ենթաքարտուղար Լորտ Հոուէլ` Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` եւրոմիութեան բարձրագոյն գործակալ Ժոն Տալլի եւ եւրոխորհրդարանի փոխ նախագահ Լազլօ Թոգէս։ Ապա տեղի ունեցաւ կլոր սեղան որուն ընթացքին քննարկուեցան խորհրդաժողովի ժամանակ շօշափուած նիւթերը ու մանաւանդ Սուրբ Երկրի եւ շրջանի Քրիստոնեաները յուզող մրտահրաւէրները ։
Խորհրդաժողովի վերջին հանգրուանը յատկացուած էր քրիսւտոնէութեան Սուրբ Երկրի եւ Արեւելեան շրջանի մէջ գոյատեւման գծով նախատեցուած ձեռնարկներու ներկայացման ընդհատելու դիտմամբ արտաքաղթի հոսանքը։ Ապա տեղի ունեցաւ եզրափակչ Մամլոյ Աուլիս ու Ուէսմինթեր Տաճարին մէջ Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով Սուրբ Երկրի Քրիստոնեաներուն յատկացուած Միջազգային Խորհրդաժողովը վերջ գտաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.